image

Սուրիոյ բանակը նոր յառաջխաղացում կ'արձանագրէ

Սուրիոյ բանակը նոր յառաջխաղացում կ'արձանագրէ

Սուրիոյ բանակը օրէ օր նոր յաղթանակներ գրանցելով առաջ կը շարժի, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, բանակի առանձին ջոկատներ, շարունակելով Համայի հիւսիս-արեւելեան եւ Հալէպի հարաւ-արեւելեան գիւղերուն մէջ յառաջխաղացումներ արձանագրել, զինեալ խմբաւորումներու դէմ թէժ մարտեր մղելով իրենց տիրապետութեան տակ վերցուցած են շարք մը նոր գիւղեր:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Համայի, Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղերուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն արդիւնքով 11 գիւղ ազատագրուած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն, մինչդեռ համացանցի ընկերային կայքերու օգտատէրերու պնդմամբ, ազատագրուած գիւղերու թիւը հասած է 40-ի: