Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրամանագրով զօրավար Ռիատ Ապպաս նշանակուած է Սուրիոյ ռազմական ոստիկանութեան գլխաւոր հրամանատար:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին համաձայն, Ապպաս արմատներով Սուրիոյ Ճապլէ քաղաքէն է, եւ ռազմական ոստիկանութեան Հալէպի բաժանմունքի պետի, ինչպէս նաեւ նոյն քաղաքի քաղաքական անվտանգութեան պետի պաշտօնները զբաղեցուցած է:
