image

Սուրիացի վարձկանները, իբրեւ «թնդանօթի միս». BBC-ի անդրադարձը

Սուրիացի վարձկանները, իբրեւ «թնդանօթի միս». BBC-ի անդրադարձը

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը հերքեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանէն ներս սուրիացի վարձկաններուն կռուելու փաստը, սակայն անոնցմէ 4-ը BBC-ի հետ զրոյցի ընթացքին  յայտնած են, որ զիրենք սկզբնապէս հաւաքագրած են Ատրպէյճանի մէջ պահակային ծառայութեան մասնակցելու համար, սակայն անսպասելիօրէն ուղարկած են ռազմաճակատի առաջնագիծ:

Սուրիացիներու մէկուն խօսքով՝ Ատրպէյճանի մէջ առաջարկուող «աշխատանքի» մասին երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ լուրեր տարածել սկսած են այս տարուայ օգոստոսին:

«Ընկերներէս մէկը ինծի ըսաւ, որ շատ լաւ աշխատանք կայ, որ կարելի է ընել, պէտք է պարզապէս ըլլալ Ատրպէյճանի ռազմական անցակէտերը»,- պատմած է վարձկաններէն մէկը:

Մէկ այլ վարձկանի խօսքով՝ իրենց աշխատանք առաջարկած են որպէս սահմանային խաղաղապահներ, որու համար իրենց ամսական 2000 տոլար առաջարկած էին:  

Սակայն իրականութեան մէջ աշխատանքը այն չէր, ինչ իրենք կը մտածէին: «Ես ողջ մնալու յոյս չունէի, մահը մեր շուրջբոլորն էր»,- ըսած է պարբերականի զրուցակիցը:

«Ամենածանր պահը այն ժամանակն էր, երբ զինակից ընկերներէս մէկը հարուածի տակ ինկաւ: Այդ տեղի ունեցաւ ինձմէ 20 մեթր հեռաւորութեամբ, ուր ինկած էր արկը: Ես տեսայ զինք ինկած ատեն: Ան ինձ ձայն կու տար, կը բղաւէր: Սակայն անոր տեղը կը գտնուէր հայկական թնդանօթներու տեսադաշտին տակ, ես չէի կրնար օգնել իրեն: Ան պարզապէս այնտեղ ալ մահացաւ»,- պատմած է Իսմայիլ անունով վարձկանը, որ հետագային նոյնպէս հիւանդանոց փոխադրուած էր բեկորային վնասուածքով: