Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատունը կը պատրաստուի նոր թղթադրամ թողարկել, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Նախորդ տարոան ընթացքին 2000 սուրիական լիրայի արժողութեամբ թղթադրամի թողարկումէն ետք, ներկայիս Կեդրոնական դրամատունը կը պատրաստուի աւելի բարձր՝ 5000 սուրիական լիրայի արժէք ունեցող թղթադրամ թողարկել:
Կեդրոնական դրամատան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 5000 սուրիական լիրայի արժողութեամբ թղթադրամի ձեւաւորման եւ տպագրման աշխատանքները երկար ժամանակ կը պահանջեն, բացի անկէ, պէտք է նաեւ յստակ կերպով որոշել թողարկման համար յարմարագոյն պահը, կապուած տնտեսական զարգացումներուն հետ: