image

Սուրիա-Իսրայէլ հակամարտութեան ապագայ ընթացքն ըստ «Washington Post»ի

Սուրիա-Իսրայէլ հակամարտութեան ապագայ ընթացքն ըստ «Washington Post»ի

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Սուրիոյ հարաւային շրջաններու ռմբակոծման հետեւանքով հազարաւոր քաղաքացիներու դէպի իսրայէլեան սահման ուղղուելուն, բան մը, որ նոր հակամարտութեան առիթ կրնայ հանդիսանալ:

Յօդուածագիրին կարծիքով, Իսրայէլ յստակ նամակ յղած է սուրիացիներուն, իր կողմէ սահմաններու հսկողութիւնն ուժեղացնելով, որ թէեւ չի ցանկար ներգրաւուիլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութեան մէջ, սակայն պատերազմի դաշտն իր սահմանին մօտենալն ինքնին հակամարտութեան բռնկման պատճառ է:

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ ռուսական օդուժի օգնութեամբ յառաջխաղացում արձանագրող սուրիական բանակը աստիճանաբար իր տիրապետութեան տակ կը վերցնէ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ գրաւուած տարածքները, իսկ ՄԱԿ-ի տուեալներուն հաաձայն, 270 հազար սուրիացի իրենց տուները լքելով փախուստի դիմած են: