Լիբանանի ելեւմտական ոլորտին մէջ երէկ կարեւոր զարգացում մը արձանագրուեցաւ, երբ լիբանանեան «Ալ-Ախպար» պարբերականը հետաքննական լրատուութեամբ մը անդրադարձաւ «Սոլիտէր» բաժնետոմսերու կրած անկումին:
Ըստ թերթին, վերջին երկու տարիներու ընթացքին «Սոլիտէր»ի բաժնետոմսերու արժէգինը նուազած է 30 տոկոսով: Կը նշուի, որ 2016 թուականին մինչ «Սոլիտէր»ի մէկ բաժնետոմսը կ'արժէր 12 ամերիկեան տոլար, ապա այսօր ան գրանցած է 5,90 տոլար՝ մէկ բաժնետոմսի դիմաց:
Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ այս կարեւոր զարգացումը կը գրանցուի այն պահուն, երբ տարբեր մակարդակներու վրայ լիբանանցի թէ օտար վերլուծաբաններ կը կանխազգուշացնեն Լիբանանի տնտեսութեան ամրութենէն եւ կը խօսին ելեւմտական մեծ եւ հաւանական տագնապի մը մասին:
Թերթը նաեւ նկատել տուած է, որ յատկապէս եւրոպական մակարդակի վրայ «Սոլիտէր»ի հանդէպ եւ յատկապէս լիբանանեան ելեւմտական շուկային հանդէպ եւրոպացի գործարարներու անվստահութիւնը կը մղէ, որ անոնք օր առաջ փորձեն ձերբազատուիլ այդ բաժնետոմսերէն եւ այդպիսով անուղղակիօրէն սատարել, որ այդ բաժնետոմսերը յաւելեալ նուազում գրանցեն, բան մը, որ չէ պատահած նոյնիսկ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրերուն:
Նշենք, որ «Սոլիտէր»ը հիմնուած է վարչապետ Հարիրիի ծրագրով եւ անոր հիմնական նեցուկ կանքնող կը համարուի Սէուտական Արաբիան, որ ըստ երեւոյթին, այսօր փոխած է իր մօտեցումները Լիբանանի հանդէպ: