image

Սպիտակ Տունը Վստահեցուց, Որ Տահէշի Ահաբեկիչները Կուանթանամո Պիտի Չտարուին

Սպիտակ Տունը   Վստահեցուց, Որ Տահէշի Ահաբեկիչները Կուանթանամո Պիտի Չտարուին

ԱՄՆ- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Սպիտակ Տունը չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող «Տահէշ»ի առաջնորդները Քուպայի մէջ գտնուող Կուանթանամոյի բանտը պիտի չուղարկէ: Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ Սպիտակ Տան խօսնակ ճոշ Էրնէսթ դիմելով լրագրողներուն ըսած է. «Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ բացառուած է յաւելեալ բանտարկեալներ ուղարկել Կուանթանամոյի բանտ, ոչ իսկ ժամանակաւորապէս»: Այս զեկուցումները կը հետեւէին ԱՄՆ կողմէ եղած այն յայտարարութեան, որ ինք պիտի ուժեղացնէ իր յատուկ ուժերու հետքերը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ձեռնարկելով Սպանդի կամ ձերբակալութեան գործողութիւններ՝ «Տահէշ»ի ղեկավարներուն դէմ: «Այս յատուկ գործարկուները ժամանակի ընթացքին պիտի կարենան յարձակումներ իրականացնել, պատանդներ ազատել, հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքագրել, եւ կալանքի ենթարկել «Տահէշ»ի ղեկավարներուն», յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրը Սպիտակ Տան զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին, այս շաբաթու սկիզբ: Աղբիւրի համաձայն այս կապակցութեամբ Էրնէսթ նշած է, որ պաշտպանութեան վարչութիւնը պէտք է ճշդէ, թէ ուր կը գտնուին անոնք, սական ապագայ ներխուժումները իրականացնելու ժամանակ ԱՄՆ-ն սերտօրէն պիտի համագործակցի Իրաքի կառավարութեան հետ: