image

Սփիւռքահայ երիտասարդներ այցելած են Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Սփիւռքահայ երիտասարդներ այցելած են Պաշտպանութեան  Նախարարութիւն

8 յուլիսին, «Դէպի Հայք» ծրագրի ծիրէն ներս, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեանը հանդիպում ունեցած է 15 երկիրներէ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ: Այս մասին յայտնած է  ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու  վարչութիւնը:

Գաբրիէլ Բալայեանը նախ ողջունած է հիւրերը ապա խօսած տարբեր պետութիւններու մէջ բնակող երիտասարդներու պաշտպանողական ոլորտին հետ շփման կարեւորութեան մասին. ներկայացուցած է  հայկական բանակի գործունէութեան եւ զարգացման առաջնահերթութիւնները, զինուած ուժերու կրթական եւ ընկերային իրականացուած ծրագրերը, ռազմական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։

 

Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը պատասխանած է նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու՝ զինուած ուժերու ընթացող բարեփոխումներուն եւ իրականացուող ծրագրերուն, ինչպես նաեւ սահմանային իրավիճակին վերաբերող հարցերուն։