Երկրապահի օրուան եւ Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը, ԵԿՄ վարչութեան նախագահ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանը 8 մայիսին այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Տեղի ունեցած է նաեւ ծառատունկի խորհրդանշական արարողութիւն:



