image

Շուշիի ազատագրութեան տօնին առթիւ Նախարար Տօնոյեանն այցելեց Եռաբլուր

Շուշիի ազատագրութեան տօնին առթիւ Նախարար Տօնոյեանն այցելեց Եռաբլուր

Երկրապահի օրուան եւ Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը, ԵԿՄ վարչութեան նախագահ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանը 8 մայիսին այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

Տեղի ունեցած է նաեւ ծառատունկի խորհրդանշական արարողութիւն: