Հանքաւանի գեղատեսիլ բնութեան գիրկին մէջ Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերէն պատանիներ հաւաքուած են իրենց ամառնային արձակուրդի մէկ շաբաթը անցնելու «Շիին Շողիկ» ամառնային ճամբարին մէջ՝ մասնակցելու քրիստոնէական դաստիարակութեան, ուսուցողական, ինչպէս նաեւ աշխոյժ ֆիզիքական ծրագիրներու: «Շիին»ը ամերիկացի այն ընտանիքին մականունն է, որոնք աջակցած են ճամբարի կայացման:
«Շիին Շողիկ» ամառնային ճամբարը կը գործ 2004 թուականէն, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայաստանեայց Աւետարանչական եկեղեցւոյ ֆինանսաւորմամբ: Այս ճամբարի նպատակն է, որ երեխաները տարբեր մշակութային, կրթական, դաստիարակչական ծրագիրներու մասնակցին իրենց դպրոցներէն դուրս, նշած է ճամբարի պատանեկան հերթափոխի տնօրէն Պատուելի Արամ Պապաճանեանը:
Ճամբարը բաժնուած է մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական հերթափոխերու, որոնց մասնակիցները մեծապէս Հայ Աւետարանչական տեղական եկեղեցիներու անդամներու եւ սոցիալապէս անապահով ընտանիքներու երեխաներն են:
Պատանեկան հերթափոխի ճամբարականներուն օրերը տարբեր յայտագիրներով յագեցած կ'անցնին: Երբ հասանք ճամբար, բոլորը զբաղուած էին իրենց ամենօրեայ քննարկումներով, որուն ընթացքին Աստուածաշունչէն պատմութիւններ կը կարդան եւ ինչպէս ճամբարի առաջնորդներէն Հռիփսիմէն ըսաւ. «Աստուածաշնչեան ինչ որ փոքրիկ պատմութիւններ կը կարդանք, որուն հիման վրայ մեր կեանքէն ինչ որ դաս կը քաղենք»:
Պատանիները մեծ ուրախութեամբ կը պատմեն իրենց առօրեայի մասին, թէ ինչպէս ամէն առտու մարզանք կ'ընեն եւ օրը երեք անգամ կը համտեսեն խոհարարներուն պատրաստած համով կերակուրները:
Մասնակիցներէն 16-ամեայ Վարդուհին ոգեւորուած է «Տաղանդը պատանուց հեռու չի ընկնում» ծրագիրով, ուր բոլորը հնարաւորութիւն ունին ներկայացնելու իրենց տաղանդը:
Պատանիներէն Գագիկը, որ 10 տարի է կը մասնակցի, իրեն համար այս ճամբարը առաջին հերթին կու տայ «լիքը լաւ ընկերներ»: Գագիկը նոյնպէս մեծ եռանդով կը սպասէր ճամբարի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտին, որու կիսաեզրափակիչ խաղին դաշտը լեցուած էր ճամբարականներու խրախուսական կոչերով, որոնցով կը ոգեւորէին խաղցողները:
Պատանիները նաեւ կը մասնակցէին այլ մարզական խաղերու, ինչպիսիք են վոլեյպոլն ու ֆրիսպին, եւ այս մրցակցութիւնը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէր այդ մի քանի օրը:
Ճամբարը նաեւ ունի իր յատուկ հիմն ու պարը, սովորութիւն դարձած է, որ ճամբարականները իրենց այցելով հիւրերուն ներկայացնեն այդ հիմն ու պարը:
Բոլոր պատանիները բազմաթիւ ընկերներ, գիտելիքներ եւ փորձառութիւն ձեռք բերած, խանդավառութեամբ կը սպասեն մասնակցելու յաջորդ «Շիին Շողիկ» ամառնային ճամբարներուն:
Մառնի Ինճէեան