image

Շահէն Յարութիւնեանը ներկայացած է ոստիկանատուն. Եղածին վերաբերեալ նիւթեր կը պատրաստուին

Շահէն Յարութիւնեանը  ներկայացած է  ոստիկանատուն. Եղածին վերաբերեալ  նիւթեր կը պատրաստուին

Tert.am-ի տեղեկութիւններով ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Երջանիկ Յակոբեանի նախկին օգնական, աքթիւիսթ Շահէն Յարութիւնեանն այս պահին կը գտնուի ոստիկանութիւն՝ պայմանաւորուած ռուս թատերագիր, բանաստեղծ Ալեքսանտր Կրիպոյետովի՝ Երեւանի մէջ տեղադրուած արձանին վրայ ներկ լեցնելու փաստով:


Ոստիկանութենէն Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են տեղեկութիւնը. «Շահէն Յարութիւնեանն այս պահին կը գտնուի ոստիկանութեան Կեդրոնի բաժին, ան ներկայացած է բացատրութիւն տալու երէկուայ միջադէպի վերաբերեալ»,- ըսած է լրատւութեան վարչութեան պետի տեղակալ Էտկար Ջանոյեանը: Ան յայտնած է, որ նիւթերու նախապատրաստումը կը շարունակուի: