image

«Սեւ շաբաթ» Լիբանանի մէջ. Ինչի՞ մասին է խօսքը

«Սեւ շաբաթ» Լիբանանի մէջ. Ինչի՞ մասին է խօսքը

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ յուլիս ամսուան վերջին շաբաթը անձնասպանութիւններու եւ անձնասպանութեան փորձերու աննախադէպ աճ գրանցուած է:

«Lebanon 24» լրատուական կայքը անցնող շաբաթը «Սեւ շաբաթ» կոչած է, որուն ընթացքին անձնասպանութեան փորձի եւ անձնասպանութան 14 դէպք գրանցուած է, բան մը, որ վտանգաւոր երեւոյթ կը համարուի, ըստ կայքին:
Աղբիւրին համաձայն, անձնասպանութեան դիմողներու մեծ մասը մեծ քանակով դեղորայք խմելու միջոցին կը դիմէ:
Փոխանցուած տուեալներով, 2018 թուականի առաջին կիսուն Լիբանանի մէջ անձնասպանութեան 100 դէպք գրանցուած է: