Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակէն ներս 5 նոյեմբերին տեղի ունեցած է ՀՀԿ նախագահ, ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրեյսիի հանդիպումը` վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Հանդիպման մասնակցած են ՀՀԿ Գերագոյն մարմինը եւ ԱՄՆ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀԿ գրասենեակէն։
«Ես կ'արժեւորեմ ԱՄՆ դեսպանատան երկարամեայ յարաբերութիւնները Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու, այդ շարքին՝ ՀՀԿ-ի հետ։ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու ընկերային կառավարմանն աջակցելու իր յանձնառութեան, ինչպէս այն եղած է մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու 27 տարիներուն»,-ըսած է դեսպան Թրեյսին:
Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ՀՀԿ նախագահէն հետաքրքրուած է Հանրապետական կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներու ու գործունէութեան ուղղութիւններու մասին եւ հաւաստիացուցած է, որ այսուհետ նման հանդիպումներ պարբերաբար պիտի նախաձեռնուին:
Դեսպան Թրեյսիի խնդրանքով Սերժ Սարգսեանը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, առկայ մտահոգութիւնները, անոնց վերաբերեալ ՀՀԿ դիրքորոշումները, անդրադարձած տնտեսութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին:
Սերժ Սարգսեանը հանդիպման պատեհ առիթով շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը հաստատող թիւ 296 բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ:
«Հայաստանի իրական ժողովրդավարացումը այլընտրանք չունի: Մենք երկար տարիներ աշխատած ենք այդ ուղղութեամբ` միաժամանակ կառուցելով փոխշահաւէտ գործընկերային յարաբերութիւններ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-ի հետ: Իրական ժողովրդավարութիւնն է աշխարհի մէջ շատ պետութիւններու համար լրջագոյն մարտահրաւէր դարձած փոփուլիզմի (ամբոխավարութեան) պատասխանը: Մեր կուսակցութեան համար պիտի շարունակեն գերակայ մնալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերը», - ըսած է Սերժ Սարգսեանը: