image

ՍԴՀԿ- ՌԱԿ Հանդիպում Երեւանի Մէջ

ՍԴՀԿ- ՌԱԿ Հանդիպում  Երեւանի Մէջ

 23 Սեպտեմբերին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան Երեւանի գրասենեակին  մէջ տեղի ունեցած է  հանդիպում Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կենդրոնական վարչութեան եւ  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կենդրոնական վարչութեան միջև: ՍԴՀԿ Կենդրոնական վարչութիւնը  կը ներկայացնէր   Ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը, վարչութեան անդամներ՝ Եղիկ Ճէրէճեանը եւ  Խաչիկ Քէշիշեանը, իսկ ՌԱԿ Կենդրոնական վարչութիւնը  կը ներկայացնէր  վարչութեան Ատենապետ Մայք Խառապեանը և Հալէպի շրջանի վարչութեան անդամ Լևոն Պալըքեանը:Հանդիպման   ընթացքին  կողմերուն   միջեւ  խօսակցութիւնը կեդրոնացած է  Մերձաւոր Արեւլքի, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ   եւ Լիբանանի հայութեան այսօրուան  հրատապ խնդիրներուն  շուրջ, կողմերը նաեւ չթաքցուցին  իրենց մտահոգութիւնը  այդ առումով: Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան  շարունակել փոխհամագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Սփիւռքի և Հայրենիքի: