23 Սեպտեմբերին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կենդրոնական վարչութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կենդրոնական վարչութեան միջև: ՍԴՀԿ Կենդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէր Ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը, վարչութեան անդամներ՝ Եղիկ Ճէրէճեանը եւ Խաչիկ Քէշիշեանը, իսկ ՌԱԿ Կենդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէր վարչութեան Ատենապետ Մայք Խառապեանը և Հալէպի շրջանի վարչութեան անդամ Լևոն Պալըքեանը:Հանդիպման ընթացքին կողմերուն միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացած է Մերձաւոր Արեւլքի, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան այսօրուան հրատապ խնդիրներուն շուրջ, կողմերը նաեւ չթաքցուցին իրենց մտահոգութիւնը այդ առումով: Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել փոխհամագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Սփիւռքի և Հայրենիքի: