Մտահոգիչ իրավիճակ կը տիրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանային հատուածներուն վրայ: Ապրիլ 1-էն 2 լուսցող գիշերը Ազրպէյճան հերթական անգամ խախտելով առկայ հրադադարը փորձած է ներթափանցման փորձ կատարել, հարուածել խաղաղ բնակավայրերը եւ լարուածութիւնը հասցը նել աննախադէպ իրավիճակի:
Հայկական սահմանապահ ուժերը ինչպէս միշտ փայլուն կերպով կատարած են իրենց պարտականութիւնը թշնամիին հասցնելով ուղղակի հարուածներ:
Առ այդ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ Մարմինը կը դատապարտէ հակառակորդի հերթական սադրանքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին: Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք յատկապէս սահմանին վրայ արեան գնով հայրենի հողը պաշտպանող մեր քաջարի զինուորներուն քաջ հաւատալով, որ առանց անոնց նուիրական կեցուածքին դժուար պիտի ըլլար պահպանել հերոսական Արցախն ու հայու արժանապատուութիւնը:
Լիայոյս ենք, որ մեր բանակը իր արդար բազուկին շնորհիւ պիտի յաջողի խաղաղութիւն պարտադրել ամրապնդել 1994 -ին հաստատուած հրադադարը, ղարաբաղեան հիմնախնդիրը վերադարձնելով քաղաքական բեմահարթակ:
Մենք հաւատացողն ենք, որ Արցախի ճակատագիրը կը վճռուի միայն իր զաւակներու յաղթական կամքով եւ հիմնախնդիրը կարելի կ'ըլլայ լուծել բացառապէս քաղաքական ճանապարհով:
Ինչպէս, երէկ այսօր եւս ՍԴՀԿ-ն Լիբանանի ընտանիքը պատրաստ է բոլոր մակարդակներու վրայ նեցուկ կանգնիլ հերոսական սխրանքներով անկախացած Արցախին ու անոր պայքարունակ ժողովուրդին:
ՍԴՀԿ
Լիբանանի Վարիչ Մարմին