image

«Սասնայ ծռեր» խումբի երկու զինեալներ վիրաւորուած

«Սասնայ ծռեր» խումբի երկու   զինեալներ    վիրաւորուած

Ոստիկանութեան Էրէբունիի  ՊՊԾ  գունդի մէջ եղող    «Սասնայ ծռեր» խումբի երկու զինեալներ  վիրաւորուած են: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Նախախորհրդարան»ը, որ նաեւ կը յաւելէ, թէ երէկ առաւօտեան  վաղ ժամերուն ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ՊՊԾ տարածքին մէջ եղող  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց  ուղղութեամբ, որուն  հետեւանքով  երկու զինեալներ՝  Աշոտ  Պետրոսեանն ու Յովհաննէս Յարութիւնեան    վիրաւորուած ու ապա հիւանդանոց փոխադրուած են: Նոյն հաղորդագրութեան  մէջ կը նշուի, որ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արթուր Սարգսեան  անունով  քաղաքացի մը իր սնունդով բեռնաւորուած  ինքնաշարժով  փորձած է հատել ոստիկանութեան կողմէ  դէպի ՊՊԾ կեդրոն  տանող  փակուած  ճամբան եւ հասնիլ  զօրակայան:  Սարգսեան ենթարկուած է ոստիկանութեան կրակներու  բայց յաջողած է հասնիլ ներս:  Ըստ «Նախախորհրդարան»ին, «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը  նաեւ յայտնաբերած է, որ ՊՊԾ  կեդրոնէն ներս եղող  սպաները  կը զբաղուէին   «կաւատութեամբ»: Ըստ  «Առաջին լրաատուական»ին, երէկ գիշեր  զինեալները վար առած են ոստիկանութեաան կողմէ  գործի դրուած անօդաչու  թռչող սարք մը, որ կը  փորձէր նկարահանումներ կատարել  տարածքին   վերեւ: