image

Սահմանին զոհուած է 20-ամեայ զինուոր՝ Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը

Սահմանին զոհուած է 20-ամեայ զինուոր՝ Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը

6 փետրուարին՝ ժամը 11:00-ի շուրջ, ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ գտնուող զօրամասերէն մէկուն մէջ, հակառակորդի կողմէ մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ  Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: