Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին գիշերուընէ մինչ այս պահը պահպանուած է յարաբերական անդորր, կը հաղորդէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը։
«Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ն հրաձգային զէնքերէ ոչ նպատակային կրակ վարած են Մովսէս, Զանգակատուն, Խնձորուտ գիւղերու շրջանը տեղակայուած մեր դիրքերուն ուղղութեամբ»։