Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդը 14 Դեկտեմբերի նիստին Սահակ Կարապետեանը նշանակուած է Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազի տեղակալ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
Անոր թեկնածութիւնն առաջարկած էր Ռուսիոյ նախագահը: Դաշնութեան խորհուրդի նիստին զինք ներկայացուցած է գլխաւոր դատախազ Եուրի Չայքան:
Նշենք, որ Դաշնութեան խորհուրդի սահմանադրական օրէնսդրութեան Փրոֆիլային կոմիտէն 13 Դեկտեմբերի նիստին պաշտպանած է Կարապետեանի թեկնածութիւնը ՌԴ գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնին նշանակուելու համար: Կոմիտէի նախագահ Անտրէյ Քլիշասի խօսքով՝ ներկայացուած թեկնածութիւնը լիովին կը համապատասխանէր որակաւորման պահանջներուն:
Սահակ Կարապետեան նախապէս ՌԴ Գլխաւոր Դատախազութեան միջազգային-իրաւական համագործակցութեան գլխաւոր վարչութեան պետն էր: Գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնը թափուր մնացած էր այն բանէն ետք, երբ կենսաթոշակի անցնելու պատճառով Ալեքսանդր Զուեակինցեւ պաշտոնաթող եղաւ:
կ'ենթադրուի, որ Կարապետեան Գլխաւոր Դատախազութեան մէջ պիտի զբաղի միջազգային համագործակցութեան հարցերով: