Պոլսահայ Սեւակ Պալըքճիի մասին հաւանաբար կարդացած էք։ 24 Ապրիլ 2011ին Սեւակ Պալըքճիին ընդամէնը 17 օր մնացած էր, որպէսզի ան աւարտէ թրքական բանակին մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը ու վերադառնայ տուն։ Այդ օրը՝ հայասպանութեան յիշատակութեան օրը, Պաթման շրջանի (Մուշի մօտակայքը) թրքական զօրանոցներէն մէկուն մէջ ծառայող 25 տարեկան Սեւակ Պալըքճին անարգ կերպով սպաննուեցաւ թուրք զինուորի մը՝ Քիւանչ Աղաօղլուի կողմէ…
Տագնապահար եւ սուգի մատնուած Սեւակի ընտանիքը դատ բացաւ Ակաօղլուի դէմ՝ արդար պատիժի ակնկալութեամբ։ Միջադէպէն ետք Սեւակի հարազատները հետաքրքուած էին, թէ ի՛նչպէս տեղի ունեցած էր սպանութիւնը, եւ իրենց հաւաքած տեղեկութիւններն ու ապացոյցները մէկտեղելով՝ համոզուած էին, որ Ապրիլ 24ի օրով տեղի ունեցած այդ սպանութիւնը կանխամտածուած էր։
Բայց երեք տարի տեւած դատավարութեան ընթացքին փոխուեցան ապացոյցները, վկաները իրենց նախնական վկայութիւններէն տարբեր բաներ սկսան պատմելու թրքական զինուորական ատեանին, եւ ի վերջոյ, Ակաօղլու միայն 4.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Դատարանը վճռեց, թէ սպանութիւնը կանխամտածուած չէր, այլ հետեւանք էր դժբախտ պատահարի մը, արկածի մը։
Սեւակի ընտանիքը, թէեւ անակնկալի չէր եկած դատարանին որոշումէն, որոշեց դիմել վերադաս դատարան, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ հասնիլ մինչեւ եւրոպական դատարան, որպէսզի Սեւակը սպաննող թուրք զինուորը ստանայ իր արդար պատիժը։
Սեւակին քրոջ՝ Լեռնային, ծանօթացայ Երեւանի մէջ, երբ քանի մը հիւրերու Կասկադ տարած էի, վայելելու համար Երեւանի գեղեցիկ այդ թաղամասին արուեստի հրաշալի գործերը եւ սուրճ խմելու բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Երբ կը քալէինք մայթերուն վրայ, տեսայ նորաբաց ճաշարան-սրճարան մը՝ «Քոզի է լա Վիթա» (կեանքը սա՛ է) անունով։ Ընկերներուս առաջարկեցի սուրճը խմել նորաբաց այս սրաճարանին մէջ ու քննարկել մեր հետագայ ընելիքները։ Երբ հետաքրքուեցայ այս նոր սրճարանին մասին, որուն ճաշացանկին վրայ մեծ տեղ գրաւած էին արեւմտահայերուն ծանօթ աւանդական կերակրատեսակներ, մատուցողը բացատրեց, որ ճաշարանին տէրերը Պոլիսէն եկած հայեր են եւ արդէն շուրջ մէկ ամիս առաջ այս գործին սկսած են։ Ամերիկայէն եկած ընկերներս անմիջապէս ուզեցին ծանօթանալ Երեւան տեղափոխուած այս պոլսահայերուն։ Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր, անոնք միայն կը հանդիպին հայրենիքէն հեռացած հայերու, որոնց պատմութիւնները այդքա՛ն ալ ոգեւորիչ չեն ու Հայաստանի մասին միայն բացասական տրամադրութիւններ կը ստեղծեն… Երեւանի մէջ, ամերիկահայ ընկերներս, ամէն անգամ, երբ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններէն հայրենիք տեղափոխուած կամ վերադարձած հայու մը ծանօթանային, չափազանց կ՛ոգեւորուէին եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէին իւրաքանչիւրին «արկածախնդրութիւնը»։ Մատուցողէն խնդրեցի կանչել տէրերը, որպէսզի ընկերներս դարձեալ հայրենադարձի մը ծանօթանան եւ հասկնան, թէ կեանքի ո՛ր ճանապարհները անցնելով՝ անոնք եկած ու հասած են հայրենիք, եւ թէ ի՛նչպէս կրցած են նոր կեանքի մը սկսիլ պապենական այս հողերուն վրայ։
Մեր խնդրանքով, ճաշարանի տէրերէն՝ Լեռնան, մօտեցաւ մեզի եւ պոլսահայու յատուկ ջերմութեամբ ողջունեց մեզ։ Ընկերներս ժամանակ չվատնեցին ու անմիջապէս անցան հարցուփորձի, եւ այդ ատեն հասկցանք, որ Լեռնան Սեւակ Պալըքճիի քոյրն է, եւ կեանքի դաժան ճանապարհները անցնելով՝ հաստատուած է Երեւան ու բացած այս գողտրիկ ճաշարանը, իր եղբօր՝ Սեւակի յիշատակին։
Այս մասին՝ յաջորդ նամակով։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
«Ասպարէզ»