image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարը ձերբակալուած է՝ կաշառակերութեան մեղադրանքով

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարը ձերբակալուած է՝ կաշառակերութեան մեղադրանքով

Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան մարմինն այսօր ձերբակալած է ՌԴ տնտեսական զարգացման նախարար Ալեքսէյ Ուլիուքայեւը՝ կաշառակերութեան մեղադրանքով, որ գերազանցած է երկու միլիոն ամերիկեան տոլարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի քրէական քննութեանց բաժինը, նշելով, որ նախարարը երկու միլիոն տոլար կաշառք ստացած է՝ երկրի կարգ մը նաւթային ընկերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձր գնահատելու ի հաշիւ, որու շնորհիւ, նշեալ ընկերութիւնները հնարաւորութիւն ունեցած են այլ ընկերութիւններու հետ մեծ ու շահաւէտ գործարքներ կնքելու:

Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն կաշառակերութեան մեղադրանքով Ռուսիոյ մէջ մեծ թիւով պետական պաշտօնեաներ ձերբակալուած եւ դատուած են, որոնց շարքին կան նախարարներ, նահանգապետեր եւ այլ բարձրաստիճան ղեկավարներ: