image

Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան Ասթանայի մէջ կը քննարկեն Սուրիոյ հրադադարի հարցը

Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան Ասթանայի մէջ կը քննարկեն Սուրիոյ հրադադարի հարցը
Ղազախստանի  Արտաքին Գործոց նախարարութեան հաղորդմամաբ, Ասթանայի մէջ մեկնարկած է Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ ՄԱԿ-ի համատեղ Ժողովը, որ պիտի քննարկէ Սուրիոյ հրադադարի վերահսկողութեան հարցը: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտի»ը, նշելով, որ առաջին անգամ ըլլաով բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ յորդանանցի փորձագէտներ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է ռազմական գործղութիւններու դադարեցման հարցի վերանայումը եւ այդ մասին Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկի քննարկումը:

Յիշեցնենք, որ 23-24 յունուարին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած էր Սուրիոյ հարցով երկօրեայ բանակցութիւններ։ Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա յայտարարած էին, թէ իրենք Սուրիոյ մէջ երեք շաբաթ առաջ հաստատուած զինադադարը պահպանելու ջանքերը պիտի շարունակեն՝ առաջքը առնելով որեւէ հրահրումի։ Դարձեալ շեշտուած էր, որ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։