image

Ռուսիա Սուրիոյ մէջ «Իսքանտար» տիպի հրթիռներ կիրառած է. Շոյկու

Ռուսիա Սուրիոյ մէջ «Իսքանտար» տիպի հրթիռներ կիրառած է. Շոյկու

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախագահ Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացած ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ ռուսական կողմը «Իսքանտար» տիպի հրթիռներ կիրառած է:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Պաշտպանութեան նախարարութեան գերագոյն խորհուրդի նիստի ժամանակ Շոյկու նշած է, որ Սուրիոյ մէջ կիրառուած են բարձր մակարդակի հրթիռներ, ինչպիսիք են «Քալիպր»ը, «Իսքանտար»ը, «Թոշխա»ն եւ «Իքս 55»ը:

Շոյկու շեշտած է նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ ռուսական նաւատորմը 100 յարձակում գործած է ահաբեկիչներու դէմ: