image

Ռուսիա Սուրիոյ իր ռազմակայններէն համացանցի կապը անջատած է. Պատճա՞ռը

Ռուսիա Սուրիոյ իր ռազմակայններէն համացանցի կապը անջատած է. Պատճա՞ռը

Ռուսական լրատուական միջոցները փոխանցած են, որ սուրիական Հմէյհէմի եւ Թարթուսի ռուսական ռզմակայաններու գլխաւոր հրամանատարութիւնը հրահանգ ստացած է նշուած ռազմակայաններու 2G եւ 3G համացանցային  կապը անջատելու:

Հրահանգին համաձայն, Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր ռուսական ռազմակայաններու համացանցային ծառայութիւնները պիտի կասեցուին մինչեւ 30 մարտ, իսկ Թարթուսի ռազմակայանին մէջ՝ մինչեւ 1 յուլիս:

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրին տեղեկացմամբ, նման որոշում կայացուած է, նկատի ունենալով, որ որոշ լրտեսական սարքեր հեռախօսահամարներու միոցով սկսած են հետեւիլ եւ թիրախաւորել ռուսական ռազմակայանները:

Հրահանգին մէջ նշուած է նաեւ, որ Հմէյհէմի եւ Թարթուսի ռզմակայաններուն մէջ համացանցային ծառայութեամբ օժտուած համակարգիչներու սենեակներ պիտի հիմնուին, ուրկէ զինուորներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռնուի իրենց հարազատներուն հետ կապ հաստատելու: