image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա ե՞րբ պիտի յանձնէ «S-400» համակարգի հրթիռները Թուրքիոյ

Ռուսիա ե՞րբ պիտի յանձնէ «S-400» համակարգի հրթիռները Թուրքիոյ

Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը «Russia Today» լրատուական ցանցին յայտնած է, թէ իր երկիրը կը պատրաստուի 2019 թուականի ամրան Թուրքիոյ յանձնել վերջինիս կողմէ ձեռք բերուած «S-400» հրթիռային համակարգը:

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող օդանաւերու ցուցահանդէսի ծիրին մէջ «RT Online»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ռուս պաշտօնեան նշած է, որ Մոսկուա եւ Անգարա ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեն յիշեալ համակարգի համատեղ արտադրման ուղղութեամբ:

Նշենք, որ «S-400» հրթիռային համակարգը Թուրքիոյ վաճառելու պայմանագիրը կողմերը կնքած էին նախորդ տարուան դեկտեմբերին: