image

Ռուսաստանեան կործանիչներ հարուածած են Իտլիպի ահաբեկիչներու դիրքերը

Ռուսաստանեան կործանիչներ հարուածած են Իտլիպի ահաբեկիչներու դիրքերը

Ռուսաստանի դաշնութեան ՌՏՈՒ Սու-24 ի օդանաւերը Իտլիպի խաղաղութեան գօտիէն  ահաբեկիչներու կեդրոնները հարուածած է: Այս մասին ըսուած է Սուրիոյ մէջ թշնամական կողմերու հաշտեցման հարցով կեդրոնի յայտարարութեան մէջ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Յանցախումբերու սուրիական տարածք մուտքը չթոյլատրելու համար սուրիական հրամանատարութեան խնդրանքով ՌԴ ՌՏՈՒ Սու-24 օդանաւերն Իտլիպի խաղաղութեան գօտիին մէջ ահաբեկիչներուն հարուած հասցուցած են: Այն սուրիական զօրքերուն թոյլ կու տայ յաջողութեամբ ետ մղել բոլոր գրոհները: Անոնք մէկ հրասայլ, 6 հետեւակի մարտական մեքենայ եւ փիքափ ոչնչացուցած են»,- յայտնած է կեդրոնը:

Նշուած է, որ ահաբեկիչները Թուրքիոյ աջակցութեամբ կրնային յարձակիլ սուրիական բանակի պաշտպանութեան վրայ:

Ռուսաստանը Թուրքիոյ կոչ ըրած է դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու աջակցումն ու անոնց զէնքի տրամադրումը: