Ռուսական «Nezavisimaya Gazeta» թերթը զգուշացուցած է, որ Քաթարի դէմ սահմանուած դիւանագիտական շրջափակման միամեակի առիթով կրնայ Արաբական Ծոցի երկիրներուն միջեւ բախում առաջանալ:
Թերթին կարծիքով, Արաբական Ծոցը կրնայ բռնկիլ, եթէ Քաթար ռուսական «S-400» համակարգ ձեռք բերէ:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ ըստ ֆրանսական «Le Monde» թերթին, Սէուտական Արաբիա դիմած է Ֆրանսայի նախագահին, խնդրելով ճնում բանեցնել Քաթարի վրայ, որպէսզի արգիլէ վերջինիս կողմէ «S-400» համակարգի ձեռքբերումը:
Միաժամանակ Ռիատ յայտնած է, որ եթէ Քաթար «S-400» համակարգ ստանայ, ինք պատրաստ է ռազմական գործողութեան դիմել, կանխելու համար անոր կիրառումը: