Ռուսական AN-26 մարդատար օդանաւը «Հմէյմիմ» ռազմակայան վայրէջք կատարելու ժամանակ կործանուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք»ը, նշելով, որ օդանաւի մէջ գտնուող 26 ուղեւորներն ու անձնակազմի 6 անդամները բոլորը զոհուած են:
Այս մասին Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ դէպքը պատահած է 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին եւ նախնական տուելաներու համաձայն, օդանաւի կործանման պատճառը թեքնիք անսարքութիւնը կրնայ ըլլալ:
Պաշտպանական գերատեսչութիւնը նաեւ հաղորդած է, որ օդանաւի կայանատեղի հասնելուն 500 մեթր մնացած էր, երբ ան բախած էր գետնին եւ կործանուած:
Դէպքի հետաքննութեան համար ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով, որ պիտի սերտէ օդանաւի ջախջախման պատճառի բոլոր վարկածները: