Լիբանանեան «Ալ Տիար» թերթին փոխանցմամբ, Արսէլի մէջ տեղի ունենալիք «սպասուած» պատերազմին ռուսական արդիական զէնքեր պիտի օգտագործուին:
Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի լիբանանեան «Հըզպալլա»ին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բանակին, որոնք որոշած են վճռական հարուած մը տալ Արսէլի լեռներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն: Այդ զէնքերուն մաս կը կազմէ շատ վտանգաւոր եւ բնակչութիւնէ զուրկ վայրերու համար պատրաստուած «Իւու Ար 77» հրթիռային համակարգը, որուն կրակը բաւարար է ահաբեկիչներուն լեռնային ամրութիւնները ոչնչացնելու:
Աւելին, ռուսական բանակը նոյնիսկ տեղեկացուցած է, որ այն պատրաստ է մասնակցելու պատերազմական գործողութիւններուն ՝ կործանիչներով, անշուշտ եթէ հարկը զգացուի:
Նշենք որ՝ յատուկ այս ճակատամարտին յատկացուած գաղտնի գործակալ միջոցներով, սուրիական բանակը եւ իր դաշնակիցները արդէն տեղեակ են ահաբեկիչներուն պահուըտած տեղերուն, գործածած զէնքերուն, եւ քանակին մասին: Նոյնիսկ տեղեկութիւն կայ, որ «Արսէլի» մէջ գտնուող տարբեր ահաբեկչական խումբերը իրար հետ բանակցութիւններու մէջ են որպէսզի միանան յառաջիկային տեղի ունենալիք ճակատամարտին դէմ: