image

Ռուսական արդիական զէնքեր Լիբանան հասած են

Ռուսական արդիական զէնքեր Լիբանան հասած են

Լիբանանեան  «Ալ Տիար» թերթին փոխանցմամբ,       Արսէլի     մէջ  տեղի  ունենալիք «սպասուած»  պատերազմին    ռուսական արդիական զէնքեր  պիտի օգտագործուին:

Խօսքը    բնականաբար     կը վերաբերի    լիբանանեան «Հըզպալլա»ին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ  բանակին, որոնք   որոշած են վճռական  հարուած մը տալ Արսէլի  լեռներուն   վրայ   գտնուող ահաբեկիչներուն:  Այդ  զէնքերուն մաս  կը կազմէ շատ վտանգաւոր եւ բնակչութիւնէ  զուրկ վայրերու համար   պատրաստուած  «Իւու Ար 77» հրթիռային  համակարգը,  որուն կրակը բաւարար է ահաբեկիչներուն լեռնային ամրութիւնները  ոչնչացնելու:

Աւելին, ռուսական բանակը նոյնիսկ տեղեկացուցած է, որ այն պատրաստ է մասնակցելու   պատերազմական գործողութիւններուն ՝  կործանիչներով,  անշուշտ  եթէ  հարկը   զգացուի:

Նշենք որ՝ յատուկ այս ճակատամարտին յատկացուած գաղտնի գործակալ միջոցներով, սուրիական բանակը եւ իր դաշնակիցները արդէն տեղեակ են ահաբեկիչներուն պահուըտած տեղերուն,  գործածած զէնքերուն, եւ քանակին  մասին: Նոյնիսկ տեղեկութիւն կայ,  որ «Արսէլի» մէջ գտնուող տարբեր ահաբեկչական խումբերը իրար  հետ բանակցութիւններու մէջ են որպէսզի միանան  յառաջիկային տեղի  ունենալիք  ճակատամարտին դէմ: