image
Հրատապ լուրեր:

Ռմբակոծուած է Տաւուշի Այգեպար գիւղը. Գիւղին մէջ խուճապ չկայ

Ռմբակոծուած է  Տաւուշի Այգեպար  գիւղը. Գիւղին մէջ խուճապ չկայ

  «Հետք» կայքի   հաղորդմամբ   հրթիռարձակումներու ենթարկուած է Տաւուշի  Այգեպար     գիւղը։

 Ըստ    աղբիւրին ատրպէյճանեան   սադրիչ   ուժերու  հրթիռներուն     թիրախ դարձած  են գիւղի 7   բնակարաններ։

 Կը  նշուի նաեւ, որ  Այգեպարի ներքեւի հատուածի   բնակիչները  տարհանուած են   եւ  տարուած  աւելի ապահով   վայրեր, իսկ     շրջանի ԱԻՆ  մարմիններ աշխատանքներ  կը տանին մարելու համար հրթիռներուն հետեւանքով ծագած  հրդեհները։

Գիւղացիներու շրջանակներուն  մէջ      իրադրութիւնը  բնական է եւ    անոնք   խուճապի մթնոլորտ չկայ։

Յիշեցնենք,  որ   կիրակի  օր    ընթացք   առած     Ատրպէյճանի   սադրանքները կը   շարունակուին եւ հայկական զինուած  ուժերը     համապատասխան    կերպով     կը լռեցնեն    կրակի  աղբիւրները։