«Տահէշ»ի դէմ մղուող մարտերուն սպաննուած է Սուրիոյ բանակի անուանի սպաներէն մին՝ զօր. Ռազի Ալի Լոհոն: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Russia Today-ը: Աղբիւրը նաեւ փոխանցած է, որ «Անապատի առիւծ» անունով յայտնի սուրիացի զինուորականը զոհուած է Ռաքքայի մերձ եղող անապատային շրջանի մը մէջ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիացի զօրավարը մաս կը կազմէր մէկ այլ անուանի զինուորական զօր. Սուհէլ Հասանի ղեկավարած մասնայատուկ ուժերու փաղանգին: