image

Ռաքքայի մօտ զոհուած է «Անապատի առիւծ»ը. Ո՞վ էր ան

Ռաքքայի մօտ  զոհուած է «Անապատի  առիւծ»ը. Ո՞վ էր   ան

 «Տահէշ»ի դէմ մղուող մարտերուն սպաննուած է Սուրիոյ բանակի անուանի սպաներէն մին՝ զօր. Ռազի  Ալի Լոհոն: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Russia Today-ը: Աղբիւրը նաեւ փոխանցած է, որ «Անապատի առիւծ» անունով յայտնի սուրիացի զինուորականը զոհուած է Ռաքքայի մերձ եղող անապատային շրջանի մը  մէջ:

 

 Յիշեցնենք, որ Սուրիացի զօրավարը մաս կը կազմէր մէկ այլ անուանի զինուորական  զօր. Սուհէլ Հասանի ղեկավարած մասնայատուկ ուժերու փաղանգին: