image
Հրատապ լուրեր:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Մարմինը Յատուկ Ձեռնարկով Մը Արժեւորեց 100-Ամեակի Միջոցառումները

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Մարմինը Յատուկ Ձեռնարկով Մը  Արժեւորեց  100-Ամեակի Միջոցառումները

Հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Զարթօնք» Օրաթերթի, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի կազմակերպած «Ցեղասպանութիւն – 100 Ամեակ» ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Ձեռնարկներու Տարեփակի քննական արժեւորումին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունուար 2016ի երեկոյեան ժամը 7:00ին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:Ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի գրեթէ բոլոր անդամները, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Հոգեշնորհ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  Կաթողիկոս-Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Գերապայծառ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ներկայացուցիչ՝ Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանը, Լիբանանի մօտ ՀՀ Հիւպատոսը՝ Պրն. Աշոտ Վարդանեան, Պետ. Երեսփոխան Պրն. Շանթ Չինչինեան, ՀՅԴի, ՍԴՀԿի, ՀԲԸՄի, ՀԵԸի, ՀՄԸՄի, ԼՕԽի վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, ՌԱԿի եւ ԹՄՄի աւագանին, ինչպէս նաեւ շարք մը բարեկամներ ու ազգայիններ: Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը:

Ապա ներկաներուն հեռակապով իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Դոկտ. Հրանոյշ Յակոբեան, որ շնորհաւորելով կազմակերպող կողմը, յետադարձ ակնարկ մը ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհակալ մեծ աշխատանքին վրայ, սրտանց շնորհաւորելով Մարմինի մէն մի անդամը: Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ձեռնարկին հորիզոններ բանալու համար, իր խօսքը սկսաւ ըսելով, որ այսօր յաջողութեան երաշխիքը արհեստավարժութիւնն (փրոֆեշընըլիզմ) է: Մասնագիտական այս մօտեցումը կ'ենթադրէ երեք հանգրուան.-

Ա) Ծրագրում ձեռնարկի, Բ) գործադրում ձեռնարկի եւ Գ) արժեւորում ձեռնարկի: Կարելի է աւելցնել նաեւ research and development (ուսումնասիրութիւն եւ զարգացում). այլ խօսքով յանձնարարաութիւններ՝ յաջորդ հանգրուանին համար:

Այլ խօսքով, շարունակեց Դոկտ. Տագէսեան,  ձեռնարկը չի սկսիր ծրագրումով ու չ'աւարտիր անոր գործադրումով: Ձեռնարկին բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն անոր արժեւորումը եւ յառաջիկայ հանգրուանի հեռանկարներու սերտումը: Հայ իրականութեան մէջ, մենք քիչ թէ շատ ծրագրաւորում կ'ընենք, աւելի կը ծանրանանք գործադրութեան վրայ, քիչ ուշադրութիւն կը դարձնենք անոր քննական արժեւորումին, եւ գրեթէ ոչինչ կ'ընենք յառաջիկայի հեռանկարով: Ահա թէ ինչու մեր ձեռնարկներէն շատերը more of the same են, կրկնութիւններ:

Դոկտ. Տագէսեան ապա հաստատեց ըսելով, որ այս հանդիպումը կ'առանձնանայ վերոյիշեալ բոլոր հանգրուաններն ալ ընդգրկելով: Այս առումով ան ոչ թէ նոր, այլ յառաջացեալ մշակոյթի մը սատարել կը միտի: Ան կը միտի նաեւ ընդհանրական մտայնութեան եւ կարծիքաւորում յառաջացնելու, նաեւ արժեւորումի մօտաւորապէս նոյնական կամ նման արժէքային համակարգ մը ունենալ:

Ապա խօսքը ուղղելով Տիկ. Խտըշեանին, Դոկտ. Տագէսեան ըսաւ. տարիներու վրայ տարածուած գործունէութիւն էր ասիկա: Մարմինդ իր այս աշխատանքին մէջ կը գիտակցէր, որ իր նման մարմիններ գոյութիւն ունին առնուազն շուրջ վաթսուն այլ վայրերու մէջ, որոնք նման մտահոգութիւններ, մտասեւեռումներ ու օրակարգեր ունէին: Կարծէք թէ անտեսանելի, անդրսահմանային, transnational հայկական ցանց մը կար, որ նման կը գործէր: Այսպիսի միակ ցանցը, որ միտքս կու գայ հիմա՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամն է, որուն ձեռնարկը սակայն միօրեայ է:

Ան Տիկ. Խտըշեանէն ու միւս մասնակիցներէն խնդրեց,  առաւելագոյն առարկայականութիւնը, անկեղծութիւնը, լայնատեսութիւնը եւ միայն շինիչ ու կառուցողական մտասեւեռում ի մտի ունենալով առնչուիլ արծարծուելիք խօսքերուն:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկ Սեդա Խտըշեան ներկայացուց լայնապատում ու շահեկան զեկոյց մը  կատարուած աշխատանքին մասին:

Կարգը Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի գանձապահ Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեանինն էր: Պրն Ումուտեան հաւատարիմ իր մասնագիտութեան՝ տնտեսագէտ հաշուապահի մը ոճով ներկայացուց շահեկան հաշուեկշիռ մը:

Ապա «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան մատուցեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի ձեռնարկներուն նուիրուած «Զարթօնք»ի յաւելուածը:

 

Ան հակիրճ խօսքով մը ներկաներուն փոխանցեց, թէ քաղաքակրթութիւններու պատմութիւնը մեզի հասած է իրենց ետին ձգած արխիւներով: 2015ը արդէն իսկ Հայոց պատմութեան կը պատկանի այսօր, ըսաւ ան, եւ անոր ընթացքին կատարուած մեծ աշխատանքը պէտք է ախիւաւորուի: Այս նպատակով է «Զարթօնք»ի «Ցեղասպանութիւն – 100 Ամեակ» յաւելուածը, ըսաւ ընկեր Յակոբեան վկայելով, որ անոր մէջ ամփոփուած են լիբանանահայ բոլոր թերթերուն մէջ լոյս տեսած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին կազմակերպութեամբ կամ հովանաւորութեամբ կատարուած 36 ձեռնարկներուն թղթակցութիւնները:

Սուրճի կարճ դադարէ մը ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը պատուուեցաւ Տեղեկատուութեան նախարարութեան կողմէ՝ ձեռամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի ներկայացուցիչ Պրն. Ալպեր Կոստանեանին:

 

Շնորհաւորագիրը ունէր հետեւեալ բովանդակութիւնը, զոր արաբերէն լեզուով ընթերցուեցաւ Պրն. Կոստանեանի կողմէ.

 

Պահը եկած էր ՌԱԿի եւ «Զարթօնք»ի «Երախտագիր»երը յանձնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի  եւ անոր Երիտասարդական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը   իրեն յատուկ «Երախտագիր»ը ստացաւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանէն, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանէն ու «Զարթօնք»ի հրատարակիչ «Շիրակ Ընկերակցութեան» տնօրէն՝ ընկեր Արտեմ Պիւլպիւլեանէն:

Երախտագիր ստացող Հայոց Ցեղասպանութեան 100Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի եւ անոր Երիտասարդական Յանձնախումբի անդամներն էին՝

 

Սեդա Մարկոսեան -Խտըշեան

Ռաֆայէլ Ումուտեան

Շահան Գանտահարեան

Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Արթիւր Գունտաքճեան

Յակոբ Կէրկէրեան
Վաչէ Նաճարեան

Արտա   Ասիլեան - Եանիքեան
Նազելի Խաչերեան- Աւագեան
Ներսէս Պաղտոյեան

Անիթա Լիպիար

Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան

Ահարոն Շխրտմեան

Գէորգ Սանթուրեան

Արամ Գարատաղլեան

Արին Ղազարեան

Աշոտ Բագրատունի

Լեւոն Նաճարեան

Լութֆիկ Կոտալազեան

Մարիա Չոգագլեան

Ռաֆֆի Չիլինկիրեան

Մասիս Լեփեճեան

 

 

 

Վերջին բաժինը կը վերաբերէր՝  «100ամեակէն Ետք Ի՞նչ. Հայկական Օրակարգը Յաջորդ Հանգրուանին» նիւթի քննարկման: Քննարկողները՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանն ու Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանը:

Հայր Կռանեան իրեն յատուկ ոճով ներկայացուց իր քննարկումը Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան

իրեն յատուկ գործնական դիտանկիւնէն մեկնաբանեց նիւթը, ներկայացնելով հետեւեալ 9 կարեւոր հայկական եւ համահայկական առաջադրանքներն  ու հրամայականները, մեզ հարիւրամեակէն դէպի կայուն ապագայ փոխադրելու նպատակով:

1)    Հայ անհատի (մանուկ, պատանի, երիտասարդ, կին, արուեստագէտ, կրթական մշակ, հանրային կամաւոր, քաղաքական կամ հոգեւոր գործիչ)՝ հայութեան մեծագոյն դրամագլուխի հանդէպ վերաձեւուած արմատական մօտեցում՝ սատարելով անոր բոլոր տեսակի մարդկայնական ուժերու յառաջմղման, զարգացման եւ վերելքին. արդի աշխարհը անհատականութեան ժամանակաշրջան կ'ապրի աւելի քան անցեալին...։

2)    Հայ ինքնութեան հարցեր. հայ ինքնութեան տեսաբանական եւ գործնական երեսակներու սերտողութեան զարգացում եւ համապատասխան դաստիարակութիւն: Տարբեր միջավայրներու մէջ ինքնութեան տարբեր դրսեւորումներու, տարբերակներու հարց (ընտանիք, գիր, լեզու, եկեղեցի, դպրոց, արժէչափեր)։

3)    Հայկական միասնականութիւն-համագործակցութիւն. հաստատութենական հիմքերու վրայ ամրագրուող եւ հայօճախները, ՀՀն եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ընդգրկող (նաեւ անհատ հայերու մասնակցութիւնը) համադրական համագործակցութիւն՝ համազգային խնդիրներու եւ շահերու շուրջ (Ղարաբաղի տագնապ, սփիւռքեան որեւէ հայօճախի ապահովական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ տագնապալիութիւն, հայութեան որեւէ գերագոյն շահի դէմ կատարուած միջազգային-համաշխարհային աննպաստ երեւոյթ, ելոյթ, որոշում, դրսեւորում):  Այս միտքերը պէտք է կրկնուին ու կրկնուին, եւ բնաւ պէտք չէ գոհանալ մասնակի միասնական յաջողութիւններով:

4)    Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղարաբաղի զարգացում. որպէսզի հայութեան գլխաւոր ներշնչարան եւ ապագայի երաշխիք հանդիսացող՝ ՀՀն եւ Արցախը բարոյական խոշորագոյն խթանն ու մղիչը ըլլան հայագործութեան:  Երբ կը խօսինք զարգացման մասին, միտք ունինք տնտեսութիւն, արուեստ, կրօն, կրթական համակարգ, դիւանագիտութիւն, բանակ, բարոյական ըմբռնում, եւայլն:

5)    Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան նիւթի հետապնդում եւ Հայ Դատ: 100ամեակէն ետք ի՛նչ ուղղութիւններով զարգացնել այս թղթածրարը.- ա) միջազգային ճանաչում, բ) հատուցման պահանջքներ, գ) հայ նորահաս սերունդի մէջ Դատի վառ պահպանում եւ դաստիարակութիւն:  Միշտ յաղթած ենք զգացական պայքարին մէջ: Յստակ չէ, թէ ուր յաղթած ենք քաղաքական, իրաւական, պատմագիտական մարզերու եւ նիւթերու մէջ: Իսկ եթէ լաւագէտ մօտեցումներով եւ ամուր ռազմավարութեամբ չմօտենանք, ուրեմն ամէն զգացական բարձր դրսեւորում կրնայ յաղթանակ սեպուիլ:

6)    Սփիւռք-Հայաստան կապեր. այս կապերու որակական, քանակական, խորքային եւ նպատակային վերաձեւումը- կազմակերպութիւններու, անհատ-ընտանիքներու հարթակի վրայ։ Ազգային ճարտասանութիւնը լաւ բան է, Սփիւռքի մէջ Հայրենիքի գովասանքը լաւ է, սակայն այս կապերու հիմերը պէտք է վերստին քննենք եւ տեսնենք, թէ ուր եւ ինչու ճարտասանութիւնը դիւրաւ չի վերածուիր նուիրաբերութեան:

7)    Սփիւռքի հաստատութիւններու կայունութիւն եւ ապագայ։ Յետ-եղեռնեան հարիւրամեայ երթէն ու ՀՀ նորագոյն անկախութենէն ետք, հայկական կամաւոր թէ պետական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւններու առաքելութեան եւ գոյութեան նոր արեւելում՝ գործելաձեւի, ոճի, մօտեցումի, տեսիլքի եւ մտայնութեան համապատասխան միջոցներու մշտական զարգացում: Մեր շեշտը հաստատութիւններու գրաւչութեան եւ արդիականացման կը կապենք յաճախ: Մտայնութեան եւ առաքելութեան նորոգութիւնը պէտք է սեպենք նախապատիւ: Նաեւ այն, որ այսօր պաշտօնական եւ աւանդական հաստատութիւնը ունի մրցակիցներ, որոնք աւելի ժամանակաւոր եւ անպաշտօն են, եւ հետզհետէ ելեկտրոնային:

8)    Հայկական հաղորդական կալուածի առաքելութեան ռազմավարական մօտեցում: Օդի եւ ջուրի պէս կենսական է «բարի լուրեր» տարածել եւ սփռել հայկական իսկական իրագործումներու մասին: Իսկ ոչ այնքան բարի լուրերու մասին խօսիլ՝ կառուցողական եւ շինիչ կերպով: Ինչու: Որովհետեւ մենք չէզոք դէտեր չենք մեր հայրենի աշխարհին ու ազգին: Այնպէս մը ընել, որ գաւաթին լեցուն բաժինը լուսարձակուի աւելի քան պարապ բաժինը, որպէսզի հայութիւնը իր մտապաստառին վրայ նաեւ հայկական գօտեպնդող, քաջալերող եւ ոգեւորող լուրեր ունենայ:  Մանաւանդ այս օրերուն շատ պատճառ ունինք վատ լուրերով տարուելու:

9)    Վերլուծումի, Ուսումնասիրական եւ Զարգացման տեսլիքը մշակող հաստատութիւններու կամ կառոյցներու զարկ տալ: Թիւերէ կը վախնանք եւ կը խուսափինք: Թիւը դարձնենք մեր ընկերը ո՛չ մեզ սարսափեցնող թշնամին:

Եզրափակելու համար Վերապատուելի Դոկտ. Հայտօսթեան առաջարկեց ունենալ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նման կեդրոնական կամ մասնագիտական Մարմին մը, որ չսահմանափակուի հաստատութենական եւ պետական ներկայացուցչականութեամբ, այլ ընդգրկէ մանաւանդ ազատ մթնոլորտի մէջ գործող մասնագէտներ, որովհետեւ  ըստ վերապատուելիին Սփիւռքի պաշտօնական ներկայացուցչութիւնը կրնայ չապահովել, որ վերոյիշեալ իննը նիւթերու իրազեկ եւ մասնագէտ անձեր ընդգրկուին: Ուստի այլ կերպերու պէտք է դիմել մասնագէտներ ցանկագրելու եւ ընտրելու համար:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութեամբ յաջորդեցին երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝

Արին Ղազարեան

Մարիա Չոգագլեան

եւ Արամ Գարատաղլեան