2017 թուականի ապրիլին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եպիսկոպոսական օծում ստացած Քուէյթի թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպույեան օրեր առաջ հրաժեշտ տուաւ գաղութին։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթի ազգայիններէն։ Մեր ունեցած տուեալներով, Սրբազան հայրը օրեր առաջ մատուցած է իր վերջին պատարագը, որմէ ետք ալ աջահամբոյրի արարողութեամբ հրաժեշտ տուած գաղութէն։ Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են թեմական պատասխանատուներ, որոնք դրական խօսքերով եւ դրուատիքով արտայայտուած են երիտասարդ եպիսկոպոսի անձին, ինչպէս նաեւ անոր ծաւալած ազգային- եկեղեցական գործունէութեան մասին։ Արարողութեան աւարտին հակիրճ խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Մասիս Սրբազանը, որ կարեւորած է համայնքին համախմբուած ըլլալը ու վեր առած վեր քուէյթահայու ազնիւ նկարագիրն ու ազգին ծառայելու ու նուիրելու ամբողջական պատրաստակամութիւնը:
Նշենք, որ անցնող օրերուն Քուէյթի թեմէն բացի, նոյնպէս Հալէպի-Բերիոյ թեմի առաջնորդն ալ հրաժեշտ տուած էր հալէպահայ գաղութէն ու սպասելի է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ յառաջիկայ օրերուն նոր առաջնորդներու ընտրութիւն կայացուի, թէ Հալէպի, եւ թէ ալ Քուէյթի մէջ։