image

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Մէկ օրուան ընթացքին հանգանակուած է աւելի քան 43 միլիոն դրամ

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Մէկ օրուան ընթացքին հանգանակուած է աւելի քան 43 միլիոն դրամ

Քորոնա ժահրի վարակի կանխարգիլման եւ յաղթահարման նպատակով նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար բացուած հաշուեհամարին կատարուած է 43 միլիոն 121 հազար դրամ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ պարէտատունը` յղում ընելով ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութեան:

«ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 17.03.2020-ին գանձապետարանին մէջ բացուած «Ֆիզիկական անձերու եւ կազմակերպութիւններու նուիրաբերութենէն պետութեան, Քորոնա ժահրի (COVID-19) կանխարգիլման եւ յաղթահարման ապահովման համար ֆինանսական աջակցութիւն» 900005001947 հաշուին 18.03.20-ին, ժամը 14:00-ին մուտքերը կազմած են 43 մլն 121 հազար դրամ, ընդհանուր քանակը` 218 վճարում»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: