Միջազգային փորձագէտներ զգուշացոցած են Եմէնի մէջ քոլերայի համաճարակի տարածումէն, որ կրնայ ծայր առնել անձրեւային եղանակի մեկնարկին հետ:
Բժշկական «The Lancet Global Health» ամսագիրին միջոցով փորձագէտները կոչ ուղղած են անյապաղ քայլեր ձեռնարկել համաճարակի վտանգները կանխելու համար: Անոնք անհրաժեշտ համարած են պատուաստումները, ջուրի զտման համար համապատասխան սարքեր բաժնելը, ինչպէս նաեւ ջրամատակարարան եւ ջրահեռացման համակարգերու նորոգումը:
Փորձագէտներու կարծիքով, 2018 թուականին Եմէնի տարածքի 54 տոկոսը պիտի ենթարկուի քոլերայի համաճարակին, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ 13,8 միլիոն բնակիչ վտանգի տակ է: