image

Քոչարեան Ղարաբաղի հարցով մտահոգ է

Քոչարեան Ղարաբաղի հարցով մտահոգ է

Այո, Ղարաբաղի հարցի շուրջ մտահոգուած եմ, չունիմ այն տպաւորութիւնը, որ ճիշդ ուղղութեամբ առաջ կ'երթանք։ Այս մասին, նախօրէին իր աջակիցներուն հետ հեռավար հանդիպման ժամանակ նշած է Ռոպերթ Քոչարեանը՝ անդրադառնալով իր գիրքին։

«Այստեղ շատ ու շատ շտկելու բաներ կան։ Երեւի հիմա չարժեր մտնել մանրամասնութիւններու մէջ։ Մօտակայ ժամանակներուն այս կարեւորագոյն հարցի վերաբերեալ առանձին հարցազրոյց կ'ունենամ եւ կը փորձեմ նաեւ մանրամասնել այն մտահոգութիւնները, որոնք ես ունիմ»,-ըսած է ան։