image

Քրտամէտ HDP -ի «Գլուխներ»ը ձերբակալուեցան

Քրտամէտ  HDP -ի  «Գլուխներ»ը ձերբակալուեցան

Այսօր արեւածագին քրտամէտ HDP կուսակցութեան   11 անդամներ  ձերբակալուած են:  Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ ձերբակալուած են HDP-ի համանախագահներ` Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշը, Վիկէն Եուքսէկտաղը եւ  ինը այլ պատգամաւորներ:   Իշխանամէտ    «Տէյլի  Սապահ»ը այս մասին լուր մը հրապարակելով   գրած է, թէ    քիւրտ   գործիչները  ձերբակալուած են  PKK  խմբաւորման հետ կապ մը ունենալու նախնական մեղադրանքով:   Իր կարգին Տէմիրթաշ  Twitter-եան  գրառում մը ընելով գրած է, թէ իրեն  ձերբակալած են՝  խուզարկելէ   ետք Տիարպէքիրի իր  բնակարանը: