Այսօր արեւածագին քրտամէտ HDP կուսակցութեան 11 անդամներ ձերբակալուած են: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ ձերբակալուած են HDP-ի համանախագահներ` Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշը, Վիկէն Եուքսէկտաղը եւ ինը այլ պատգամաւորներ: Իշխանամէտ «Տէյլի Սապահ»ը այս մասին լուր մը հրապարակելով գրած է, թէ քիւրտ գործիչները ձերբակալուած են PKK խմբաւորման հետ կապ մը ունենալու նախնական մեղադրանքով: Իր կարգին Տէմիրթաշ Twitter-եան գրառում մը ընելով գրած է, թէ իրեն ձերբակալած են՝ խուզարկելէ ետք Տիարպէքիրի իր բնակարանը: