«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ծագումով Քեսապցի, հալէպահայ Յասմիկ Մանճիկեան Պէրպէրեանը:
-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն, կրնա՞ք պատմել այդ մասին:
2012 թուականին Սուրիական պատերազմին թիրախը հանդիսացաւ Հալէպ քաղաքը: Պայթումներ սկսած էին տեղի ունենալ տարբեր շրջաններու մէջ, ծանր հրթիռակոծումներու ենթարկուեցան նաեւ հայահոծ եւ քրիստոնէական թաղամասերը: Վախն ու մտահոգութիւնը շրջապատած էր բոլորին սրտերը՝ արդեօ՞ք պատերազմ պիտի սկսի, թէ՞ ձեւով մը պետութիւնը պիտի կասեցնէ այս ամէնը, բայց դժբախտաբար շարունակուեցաւ: Մտահոգութիւնը բոլորին մօտ էր, շատ արագ շշուկներ սկսան շրջան ընել, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ կան Հալէպի ծայրամասերուն վրայ: Ամուսինս, ըլլալով հայկական միութեան մը ղեկավար պատասխանատու, սկսաւ երիտասարդներուն յորդորել խուճապի չմատնուիլ եւ հեռու մնալ գիշերային հաւաքոյթներէ: 16 Մայիս 2012-ին ամուսինս մահացաւ, մեծ կորոստ, մեծ ցաւ, դեռ տակաւին տղաս 14 տարեկանը նոր բոլորած էր:
Ցնցումը շատ մեծ էր, շուարած վիճակ ունէի, անշուշտ հիմնական ամուսինիս կորուստի պատճառով, թէ ինչպէս պիտի ապրինք, ինչպէս պիտի շարունակենք մեր կեանքը, նաեւ միեւնոյն ժամանակ Հալէպի վրայով ռազմական օդանաւեր սկսած էին շրջիլ: Յանկարծ ամուսինիս բարեկամը, որ Հայաստան կը գտնուէր ինծի թելադրեց անպայման առնեմ երեխան եւ Հայաստան երթամ: Սկիզբը համաձայն չեղայ երբեք, որովհետեւ ինծի համար հոգեպէս շատ դժուար էր Հալէպէն հեռանալը, բայց վերջը ստիպուեցայ համաձայնիլ: Մինչ կ'որոշէինք ճամբորդութեան թուականը, օրըստ օրէ կ'աւելնար մտավախութիւնը, խմբաւորումները սկսած էին տեղաւորուիլ Հալէպին շատ մօտակայ գիծերու վրայ, յատկապէս օդակայանի գիծին վրայ: Ահաւոր էր այդ օրը, երբ ճամբայ ելայ դէպի օդակայան: Երբեք կեանքիս մէջ չեմ մոռնար այն վայրկեաններու ապրումները, երբ շրջանցեցինք ահաբեկիչ խմբաւորումներու անցակէտերը, որոնք կանգնած էին օդակայանի ճամբուն վրայ, երբ օդակայան հասայ, այլեւս ուրախութիւնս չափ սահման չունէր: Անկէ վերջ ճամբորդեցինք Երեւան, ամէն յոյսով, որ մէկ ամիս վերջ պիտի վերադառնամ ետ տունս: Բայց դժբախտաբար մէկ ամիսը դարձաւ հինգ ամիս:
-Արդէն հինգ տարիէ ի վեր Քեսապ կ'ապրիք, դուք բնիկ Քեսապցի էք, դժուար եղա՞ւ վարժուիլը Քեսապի պայմաններուն, ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:
Մենք, ինչպէս ըսի, անպատրաստ գացինք Երեւան, եւ քանի որ ծնողներս Քեսապ էին, եղբայրս անընդհատ կ'ըսէր Քեսապ եկուր, մեր հետ կը մնաս, բայց ես միշտ դէմ էի, չէի ուզեր, որովհետեւ յոյս ունէի, որ ես Հալէպ պիտի վերադառնամ, սակայն պայմանները այնպէս բերին, որ ես վերադարձայ ծնողքիս քով՝ Քեսապ, մեր գիւղաքաղաքը:
Այդքան ալ դիւրին չէր հաշտուիլը այն գաղափարին, որ ես Քեսապ պիտի մնամ: Թէեւ բնիկ քեսապցի եմ եւ ծնողներս Քեսապ կ'ապրէին, բայց անպայման կ'ուզէի Հալէպ տունս վերադառնալ: Դժբախտաբար Հալէպի վիճակը աւելի վատթարացած էր եւ ստիպուած եղայ մնալ ծնողքիս քով, մինչեւ հիմա ալ հօրս հետ միասին կ'ապրինք:
- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Քեսապի ներկայ ընդհանուր իրավիճակը: Ի՞նչ են այսօրուան խնդիրնրեը, մարտահրաւէրները, ի՞նչ է գիւղի վիճակը:
Ազատագրումէն ետք բաւական նուազած է քեսապահայութեան թիւը, անշուշտ պատերազմի պայմանները ստիպեցին, որ մանաւանդ երիտասարդութիւնը հեռանայ Քեսապէն, ըլլայ բանակի պատճառով կամ տնտեսական ճգնաժամի պատճառով: Բայց շատեր ալ վերադարձած են իրենց տուները, բարւոք կեանք մը կ'ապրին: Հիմնական խնդիրները նոյնն են, ինչ որ կան ընդհանուր Սուրիոյ մէջ, մենք ալ նոյն վառելանիւթի, ելեկտրականութեան տագնապը կ'ապրինք, որ իսկապէս կ'ազդէ մեր առօրեային վրայ: Այս տգնապները կը ձգեն, որ մարդիկ յուսախաբին, յուսահատին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Քեսապի ապահովական մտավախութիւններուն, միշտ ալ կայ այդ մտահոգութիւնը: Քեսապցին տակաւին վախով է, արդեօք սահմանակից երկիրը կրկին յարձակում մը պիտի գործէ՞, որովհետեւ Քեսապի դէպքերուն վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Ըսեմ նաեւ, որ քեսապցիք կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց հողին եւ կը փորձեն բարելաւել իրենց կեանքը։ Անոնք տքնաջան աշխատանք կը տանին, որպէսզի իրենց հողերը մշակեն, բայց մտահոգութիւնը միշտ ալ կայ։
-Քեսապի հայութիւնը ապագայ ունի՞ ձեր կարծիքով:
2018 թուականը յուսադրիչ թուական մը եղաւ քեսապահայութեան համար, երկար տարիներէ ետք զբօսաշրջիկութեան եւ օդափոխութեան փնտռուած վայր հանդիսացող Քեսապը վերստին բացաւ իր դռները, վերանորոգուեցան ճաշարանները եւ պանդոկները, իսկ ամէնէն կարեւորը, աշխոյժացաւ հալէպահայութեան հոսքը դէպի Քեսապ եւ վերականգնուեցաւ կարեւոր աւանդոյթ մը՝ եօթ տարուան դադարէ ետք, հայկական բոլոր միութիւնները իրենց բանակումները կազմակերպեցին Քեսապի մէջ: Այս երեւոյթները անշուշտ դրական են եւ կը յուսադրեն, որ Քեսապ դարձեալ փայլուն ապագայ պիտի ունենայ։