Ծոցի երկիրներուն եւ Քաթարի միչեւ ծագած տագնապէն ի վեր Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ ալ Սանի, առաջին անգամ ելոյթ ունենալով բացայայտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է լուծում գտնելու, յարգելով բոլոր կողմերու իրաւունքներն ու ցանկութիւնները, բայց առանց հետեւելու թելադրանքներուն:
Ան ըսած է, որ հակառակ լարուած իրավիճակին, կեանքը Քաթարի մէջ բնականոն կ’ընթանայ, իսկ ժողովուրդը միակամ է եւ կը ձգտի պահպանել երկրի անկախութիւնը:
Ան նոյնպէս անդրադարձած է երկրի վրայ պատրադրուած շրջափակման ահաւորութեանը, հաստատելով, որ միայն բանակցութեան ճամբով կարելի է հասնիլ լուծումներու:
Իշխան Թամիմի կարծիքով Քաթարի դէմ շրջափակում կատարելու որոշումը միջազգային հանրութեան մօտ շատ վատ պատկեր մը ներկայացուց Ծոցի արաբական երկիրներու ընդհանուր քաղաքականութեան մասին:
Իր խօսքի աւարտին իշխան Թամիմ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան Քաթարին եւ դէմ արտայայտուեցան շրջափակումի որոշումին: