image

Քաթարի տագնապէն ետք Իշխան Թամիմ խօսեցաւ. Ի՞նչ էր անոր ըսելիքը

Քաթարի  տագնապէն  ետք Իշխան Թամիմ  խօսեցաւ. Ի՞նչ էր անոր ըսելիքը

Ծոցի  երկիրներուն եւ  Քաթարի միչեւ ծագած  տագնապէն  ի վեր Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ ալ Սանի,  առաջին անգամ ելոյթ ունենալով    բացայայտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է լուծում գտնելու, յարգելով բոլոր կողմերու իրաւունքներն ու ցանկութիւնները, բայց առանց հետեւելու թելադրանքներուն:

Ան  ըսած  է,  որ հակառակ լարուած իրավիճակին, կեանքը Քաթարի մէջ բնականոն կ’ընթանայ, իսկ ժողովուրդը  միակամ  է եւ կը ձգտի պահպանել երկրի անկախութիւնը:

Ան   նոյնպէս անդրադարձած է երկրի վրայ պատրադրուած շրջափակման ահաւորութեանը,    հաստատելով, որ միայն բանակցութեան ճամբով կարելի է հասնիլ  լուծումներու:

Իշխան Թամիմի  կարծիքով   Քաթարի  դէմ   շրջափակում  կատարելու    որոշումը   միջազգային հանրութեան մօտ  շատ  վատ   պատկեր մը ներկայացուց Ծոցի    արաբական  երկիրներու  ընդհանուր քաղաքականութեան մասին:

Իր խօսքի աւարտին իշխան Թամիմ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան Քաթարին  եւ դէմ արտայայտուեցան  շրջափակումի որոշումին: