«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ որոշ ժամանակ մը Քաթարի մէջ գործունէութիւն ծաւալած Գէորգ Յ. Կիւլվարդեանը։
Յիշեցնենք, որ մեր խօսակիցը ծնած է Հալէպ եւ Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն ետք մեկնած ու աշխատած է Քաթարի մէջ։ Ան ներկայիս հաստատուած է Երեւանի մէջ։
-Ի՞նչ մակարդակի վրայ են Թուրքիա-Քաթար յարաբերութիւնները:
Թուրքիա-Քաթար յարաբերութիւնները կարելի է համարել բաւական զարգացած , նկատի ունենալով այն փաստը, որ երկու երկիրներու իշխանական համակարգերը կը յարին քաղաքական իսլամիզմի այն թեւին, որ հիմնուած է իսլամ եղբայրներու՝ «իխուաններու» գաղափարախօսութեան վրայ: Այնուամենայնիւ, այդ յարաբերութիւններու զարգացումը՝ մանաւանդ քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներու մէջ, աստիճանաբար նոր թափ ստացաւ 2011-12 թուականներուն սկիզբ առած՝ «Արաբական Գարուն» կոչուած իրադարձութիւններէն ետք, երբ երկու երկիրներու ղեկավարները համագործակցաբար եւ բացայայտօրէն սատարեցին իսլամիստ շարժումներուն:
-Ինչո՞ւ Քաթար յատուկ վերաբերմունք ունի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ եւ այդ մէկը նո՞ր մօտեցում է արդեօք:
Ինչպէս գիտենք, 2017 թուականի յունիսէն ի վեր, Քաթար կը գտնուի քաղաքական եւ տնտեսական շրջափակման մէջ՝ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի կողմէ: Այդ իսկ պատճառով, Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ տեղի ունեցաւ մեծածաւալ ռազմական համագործակցութիւն, որուն արդիւնքով թրքական ռազմակայաններ տեղակայուեցան Քաթարի սահմաններէն ներս: Թուրքիոյ բանակի ներկայութեան հիմնական նպատակն է պաշտպանել գործող ռեժիմի անվտանգութիւնը, մանաւանդ արտաքին սպառնալիքներէ, որովհետեւ շրջափակման առաջին իսկ օրերէն լուրեր տարածուած էին, որ Սէուտական Արաբիոյ բանակի ցամաքային ստորաբաժանումները կը պատրաստուին մուտք գործել Քաթար՝ գործող իշխանութիւնը տապալելու նպատակով: Իշխանութիւնն իր հերթին, չվստահելով Քաթարի մէջ տեղակայուած Ամերիկեան ուժերուն, որոնք ըստ երեւոյթին ձեռնպահ պիտի մնային Սէուտական Արաբիոյ բանակի ներխուժման պարագային, իր միակ ապաւէնը գտաւ Թուրքիոյ անմիջական ռազմական օժանդակութեան մէջ:
-Վերջին օրերուն «Ալ-Արապիա» կայքը փաստաթուղթ մը հրապարակեց, որուն հիմամբ, Քաթարի մէջ եղող թրքական զօրակայանները կը գտնուին Թուրքիոյ ամբողջական տիրապետութեան տակ եւ արգիլուած է ոեւէ քաթարցի մուտք գործէ այդտեղ, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տուեալը ձեր կարծիքով:
Իրականութեան մէջ, թրքական ռազմակայանները տեղակայուած են քաղաքային բնակութեան վայրերէն բաւականին հեռու գտնուող տարածքներու վրայ, իսկ բնակիչները բնականաբար չեն զգար անոնց գոյութիւնը: Կրնամ վստահեցնել, որ այդ ռազմական ներկայութիւնը ոչ մէկ ձեւով տեսանելի է այնտեղ բնակող հասարակ մարդկանց համար: Այնուամենայնիւ, «alarabiya.net» կայքի հրապարակած փաստաթուղթի կէտերը հաւանաբար ճիշդ են, եւ այդ ռազմակայանները ամբողջովին կը գտնուին թրքական ուժերու բացարձակ հսկողութեան տակ: Սակայն, կարելի է ենթադրել, որ նման ռազմական համաձայնութիւններ՝ այլ երկիրներու միջեւ ալ նոյն սկզբունքով կ'առաջնորդուին:
-Կարելի՞ է ըսել, որ Թուրքիոյ հանդէպ մօտեցման քաղաքականութիւնը Քաթար մշակեց պարզապէս հակակշռելու համար Սէուտական Արաբիոյ հետ իր ուեցած տագնապը, արդեօք այդպէ՞ս է:
Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Քաթար շրջափակման ենթարկելու գործընթացէն ետք Թուրքիա-Քաթար յարաբերութիւնները մտան նոր հանգրուան, ընդգրկելով ռազմական բարձր մակարդակի համագործակցութիւն, ինչպէս նաեւ խորացնելով քաղաքական ու տնտեսական սերտ կապերը: Բոլորս տեղեակ ենք, որ 2022 թուականին Քաթար պիտի հիւրընկալէ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը եւ պետութիւնը այդ ուղղութեամբ մօտ 120 միլիառ ԱՄՆ տոլարի ներդրումային ծրագիր կ'իրականացնէ՝ մարզադաշտերու, հիւրանոցներու, ճանապարհներոու, արագընթաց մեթրոյի երկաթուղիներու եւ այլ ենթակառոյցներու տեսքով: Այս ծրագիրներու իրականացման գործով բաւական մեծ բաժին ինկած է թրքական ընկերութիւններուն: Բացի այդ, արդէն Քաթարի մէջ մեծ թիւով թուրքեր իրենց սեփական աշխատանքն ունին, մանաւանդ ճաշարանային գործի եւ զբօսաշրջութեան այլ ոլորտնրու մէջ: Շրջափակումէն ետք եւս նկատելի է թրքական ապրանքներու լայն տարածումը երկրի շուկաներէն ներս: Իր հերթին, Քաթարի կառավարութիւնը եւ տեղի մեծահարուստ գործարարները միլառաւոր տոլարներու ներդրումներ սկսած են կատարել Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Փաստօրէն, Թուրքիան բաւական մեծ շահեր ձեռք բերած է այս յարաբերութիւներուն շնորհիւ:
-Տեղի հայկական համայնքը որեւէ կերպ առնջուած է այս իրադարձութիւններուն հետ, կամ Քաթար-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումը կրնա՞յ վտանգ հանդիսանալ տեղի հայութեան:
Գալով Քաթարի հայկական համայնքին, որ հիմնականօրէն կազմուած է Լիբանանէն եւ Սուրիայէն եկած հայորդիներէ ապա պէտք է ըսել, որ յատկապէս վերջին 2 տարիներուն նկատելի դարձաւ համայնքի նօսրանալու փաստը: Ունիմ ծանօթ ընտանիքներ եւ բարեկամ անհատներ, որոնք այս ժամանակահատուածին հեռացան երկրէն տարբեր պատճառներով, սակայն Քաթարէն հեռանալու հիմնական պատճառը շրջափակման հետեւանքով առաջ եկած թանկացումներն ու գործազրկութիւնն է: Կրնանք ըսել, որ հայ համայնքը ուղղակիօրէն առնչութիւն մը չունի Թուրքիա-Քաթար յարաբերութիւններուն հետ, սակայն փաստն այն է, որ շրջափակումը պատճառ դարձաւ, որ ոմանք յայտնուին տնտեսական նեղ կացութեան մէջ ու հարկադրուած ըլլան հեռանալու այդ երկրէն: