Ըստ «Ալ Տիար»ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամբի նախկին խորհրդական Քարթըր Փէյճ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, թէ երէկ ՝ նախագահական ընտրութիւններու երեկոն պէտք է կարեւորագոյնը համարել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:
Նախապէս կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Փէյճ մեծ վստահութեամբ յայտարարած էր Թրամբի գրանցելիք յաղթանակին մասին , հակառակ անոր որ ձայներու հաշուառումը տակաւին կը շարունակուէր:
Նշենք, որ Փէյճ Թրամբի խորհրդականի պաշտօնը զբաղեցուցած շրջանին, ամբաստանուած էր Քրեմլինի հետ կապեր հաստատելու մեղադրանքով: Անկէ մեկնելով, դեմոկրատականները Թրամբի դէմ իրենց մեղադրանքները հիմնեցին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլիատիմիր Փութինէն աջակցութիւն ստանալու ամբաստանութեամբ: Թրամբ կը հերքէ իր եւ Գրեմլինի միջեւ որեւէ կապակցութեան մասին, սակայն կը շեշտէ իր մտադրութիւնը, Սպիտակ Տուն հասնելու պարագային, վերականգնելու կառուցողական յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ: