image

Քալիֆորնիոյ ամբարտակը փլուզման վտանգի տակ. Յայտարարուած է բնակչութեան տարհանում

Քալիֆորնիոյ ամբարտակը փլուզման վտանգի տակ. Յայտարարուած է բնակչութեան տարհանում

ԱՄՆ իշխանութիւնները Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր ամբարտակի (Lake Oroville Dam) մօտ ապրող ժողովուրդին հրահանգած են անմիջապէս ձգել իրենց տուները եւ հեռանալ, յայտարարելէ ետք, որ ամբարտակը փլուզման վտանգի տակ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ճատիտ», նշելով, որ անյապաղ տարհանման աշխատանքներ արդէն սկսած են Օրֆիլի ցած շրջաններուն մէջ, որովհետեւ փլուզումը արդէն ամէն վայրկեան սպասելի է:

Ջրային ռեսուրսներու կառավարման մարմինը յայտնած է, որ ուղղաթիռներու միջոցաւ քարեր կը լեցնեն գետի մէջ, փակելու համար ամբատակի վրայ առաջացած ճեղքը: Միեւնոյն ժամանակ տեղի իշխանութիւնները կ'աշխատին ջուրը պարպելով, իջեցնել լիճի մակարդակը, որ բաւական բարձրացած էր շաբաթներ շարունակ տեղացած յորդառատ անձրեւներէն ետք: