Իտլիպի արուարձաններէն Քաֆարէա եւ Ֆուհա շրջաններու շրջափակեալ բնակիչները դուրս բերելու նպատակով Սուրիոյ պետութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ կայացած համաձայնութեան ծիրին մէջ պետութեան հրահանգով այնտեղ ժամանած են 20 հանրակառքեր:
«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, համաձայնութիւնը կը նախատեսէր Դամասկոսի հարաւային շրջանի Ալ Եարմուք ճամբարին մէջ կեդրոնացած ահաբեկիչները դուրս բերել, Քաֆարէա եւ Ֆաուհա շրջաններու շրջափակեալ բնակիչները տեղափոխել, ինչպէս նաեւ երկու հանգրուանով իրականացնել գերի վերցուածներու ազատագրումը:
«Russia Today» լրաուական ցանցին համաձայն, 20 հանրակառքերը նշուած շրջաններէն 1200 շրջափակեալ անձ դուրս պիտի բերեն, միաժամանակ 15 այլ հանրակառքեր պիտի տեղափոխեն Ալ Եարմուք եւ Եալտա ճամբարներու մէջ գտնուող ահաբեկիչները:
Նշուած է նաեւ, որ տեղի առեւանգեալ բնակիչներու թիւը կը գերազանցէ 85-ը, որոնց մէջ կան կիներ, մանուկներ եւ ծերունիներ:
Նախատեսուած է համաձայնութեան կէտերն իրագործել նախքան Ռամատան ամիսի մեկնարկը: