image

Պունտեսթակի պատգամաւորները վերջին վայրկեանին չեղարկեած են Թուրքիա իրենց այցը

Պունտեսթակի պատգամաւորները վերջին վայրկեանին չեղարկեած են Թուրքիա իրենց այցը

Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի պատգամաւորները վերջին վայրկեանին չեղարկած են իրենց Թուրքիա կատարելիք այցը: Այս մասին յայտնած է DW հեռուստառատիօընկերութեան թրքական ծառայութիւնը:

Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Քլաուտիա Ռոթը յայտարարած է, որ 25-28 մայիսին կը ծրագրուած այցելութիւնը չեղարկուած է վերջին վայրկեանին, առանց նշելու այդ որոշման պատճառները:

Յայտնի է, որ գերմանացի պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը ծրագրած էր բացի Անգարայէն այցելել նաեւ Պոլիս եւ քրտաբնակ Տիարպէքիր եւ քննել սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէէն ետք երկրի մէջ տիրող տրամադրութիւններն ու քաղաքական իրավիճակը: